Top Ad unit 728 × 90

Սուրբ Սահակ Պարթև Հայրապետ՝ Լուսավորիչ Միտքերու

Ես չեմ կրնար հիւանդ ոչխարս առողջ գայլին հետ փոխել» (Ս. Սահակ)
Յաւիտենական Յիշատակն Արդարոց Օրհնութեամբ Եղիցի»
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Ներածական

Մեր եկեղեցւոյ հայազգի սուրբերու լուսապայծառ հոյլին մէջ իր իւրայատուկ եւ բացառիկ տեղն ունի Սահակ Պարթեւ հայրապետ, որուն անունը անբաժանելիօրէն կապուած է Օշականի Եռամեծար վարդապետին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ։ Անոնք՝ Վռամշապուհ հայոց արքայի նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ, յաջողեցան մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող Հայոց գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան հրաշքը իրագործել։ Այնուհետեւ, իրենց աշակերտներու՝ թարգմանիչ վարդապետներու միացեալ ճիգերով, կերտեցին մեր գրականութեան Ոսկեդարը։


Հայաստանեայց եկեղեցին հայոց գիրի ու գրականութեան հիմնադիր այս երկու լուսապսակ սուրբերու եւ անոնց երէց ու կրտսեր աշակերտներու, ինչպէս նաեւ յաջորդող դարերու գրական մեծ դէմքերու յիշատակը երախտագիտութեամբ կ՛ոգեկոչէ ամէն տարի ու կը պանծացնէ անոնց կատարած գործին կարեւորութիւը, «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն մերոց՝ Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսէսի Քերթողահօրն, Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսէսի Կլայեցւոյն» նուիրուած, ազգային եւ եկեղեցական մեծ տօնին։ Ըստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօնացոյցի, Թարգմանչաց տօնը կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը եւ այդ առիթով կը մատուցուի Ս. պատարագ, տեղի կ՛ունենան մշակութային զանազան ձեռնարկներ, գրական ու գեղարուեստական, դպրոցական ու միութենական հանդէսներ։
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց


Սուրբ Սահակ Պարգև Հայրապետ
Մովսէս Խորենացի 


Օրինակի համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Դպրեվանքը իր ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը կը կատարէ Թարգմանչաց տօնին, հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ։ Օրուան քարոզը բնականաբար նուիրուած կ՛ըլլայ Թարգմանչաց մեզի աւանդ ձգած հոգեւոր եւ գրական ժառանգութեան ոգեկոչման եւ դպրեվանքի նուիրական առաքելութեան։ Այդ օր, հին ու նոր Դպրեվանեցիները կը հաղորդուին Թարգմանչաց վարդապետաց ոգիով եւ հաւատքով, անվարանօրէն քալելու անոնց գծած կեանքի ուղիով. զինուած Սուրբ Մեսրոպի 36 անմահ զինուորներու զէնքով ու զրահով, աստուածաշնչական երկնային պատգամներով, անոնք կ՛ուխտեն վառ պահել Թարգմանչաց սերունդի մեզի փոխանցած հայ մշակոյթի ջահը։
Կ՛արժէ այստեղ ընդգծել, որ Թարգմանչաց վարդապետաց վերոյիշեալ ցանկին մէջ կը պակսի անունը Սահակ Պարթեւ հայրապետին, որ ամբողջ Թարգմանչաց սերունդին հայրն էր. ան որ եղաւ ո՛չ թէ միայն հովանաւորողը, այլ գործնականօրէն մասնակցողն ու անձամբ իրագործողը Աստուածաշունչի յունարէն բնագիրի հայերէն թարգմանութեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յունարէն բնագիրներու, կրօնական ու փիլիսոփայական երկերու հայացման կոթողային աշխատանքին։ Գուցէ իր անուան յիշատակուած չըլլալը պատճառ եղած է, որ Թարգմանչաց տօնին գրեթէ հարեւանցի ակնարկ մը կ՛ըլլայ Սահակ հայրապետի անուան, ամբողջ շեշտը դնելով Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտին եւ մասամբ ալ Աստուածաշունչի թարգմանութեան վրայ։
Եթէ «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց» տօնին յիշատակուող անուններու ցանկին մէջ չկայ Սահակ Հայրապետի անունը, այդ չի նշանակեր, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը մոռացութեան մատնած են անոր յիշատակը կամ զլացած են անհրաժեշտ յարգանքը մատուցելու անոր նկատմամբ։



Վստահաբար շատ քիչեր գիտեն, որ մեր Տօնացոյցին մէջ կան երկու այլ տօներ, որոնց առաջինի պարագային Սահակ հայրապետի յիշատակը կ՛ոգեկոչուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ. «Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ», որ կը հանդիպի ամրան եղանակին՝ սովորաբար Յունիսի երկրորդ կիսուն։ Երկրորդ տօնը նուիրուած է յատուկ «Սրբոյն Իսահակայ Պարթեւ հայրապետին մերոյ», որ կը կատարուի Բուն Բարեկենդանէն ութը օր առաջ, Յունուարի վերջը կամ Փետրուար ամսուան մէջ։
Դժբախտաբար այս տօներու առիթով ո՛չ կը գրուի եւ ոչ ալ կը խօսուի Սահակ հայրապետի անփոխարինելի դերակատարութեան մասին, որպէս հայր Թարգմանչաց սերունդի, որպէս ղեկավարողն ու համադրողը թարգմանչաց գրականդաստիարակչական գործունէութեան։
Գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան շատ կարեւոր իրագործումին առընթեր, Սահակ Պարթեւի մեծութիւնը կը կայանայ անոր աւելի քան յիսուն տարիներ որպէս հայրենասէր եւ իմաստուն, դիւանագէտ ու գիտնական հայրապետ Հայ եկեղեցւոյ հողմածեծ նաւը՝ երկու հարեւան հզօր կայսրութեանց հետապնդած քաղաքական ու կրօնական ներհակ շահերու փոթորիկներու ընդմէջէն կարենալ խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելուն մէջ։ Անոր ազգապահպանման, հայրենի պետականութեան պաշտպանութեան, հայ նախարարներու եւ հայոց արքայի միջեւ համագործակցութիւն, հայ ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ միասնականութիւն պահպանելու մնայուն ճիգերուն մէջ կը տեսնենք այն բացառիկ անհատականութեան ու հեղինակութեան տէր հայրապետը, որ պիտի վախճանէր խոր ծերութեան մէջ, իր անջնջելի հետքը ձգելով Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։
Ուստի, մեր այս գրութեան նպատակէն դուրս է զբաղուիլը հայոց Գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան պատմական ու բանասիրական հարցերով։ Այս կապակցութեամբ արդէն գոյութիւն ունի ծով գրականութիւն, որուն վրայ այսօր ալ կու գան աւելնալու նոր ուսումնասիրութիւններ, հայ եւ ոչ հայ հայագէտներու կողմէ, նոր լոյս սփռելով յիշեալ նիւթերու վրայ



Մեր փափաքն է պարզապէս աւելի մօտէն ծանօթանալ Սահակ Պարթեւ հայրապետի կեանքին ու գործին եւ լուսարձակի տակ առնել յատկապէս անոր կենսագրութեան յաճախ յաջողութիւններով եւ երբեմն ալ յուսախաբութիւններով եւ տառապալից փորձութիւններով լեցուն հայրապետական որոշ տարիները։
Կենսագրական Տուեալներ
Սահակ Պարթեւ զաւակն էր Մեծն Ներսէս հայրապետի եւ Սանդուխտ Մամիկոնեանի, իսկ թոռան թոռն էր մեր հաւատոյ Հօր՝ Գրիգոր Լուսաւորչի, որ Հայաստան աշխարհը քրիստոնէութեան լոյսով պայծառակերպած ըլլալուն համար կոչուեցաւ Լուսաւորիչ հոգիներու։ Իր հերթին, Մեծն Ներսէս հայրապետ իր հիմնած բարեսիրական հաստատութիւններով, կատարած բարեկարգութիւններով ու մարդասիրական աննախընթաց գործերով արժանացաւ Լուսաւորիչ սիրտերու կոչումին։ Ինչ կը վերաբերի Սահակ հայրապետին, հայոց Գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան իրագործման, ինչպէս նաեւ հայոց դպրոցներու եւ վանքերու ցանցի հիմնադրութեան մէջ ունեցած բացառիկ ներդրումին եւ յատկապէս իր դաստիարակած գիտնական հոգեւորականներուն համար հայ ժողովուրդը անոր տուած է Լուսաւորիչ միտքերու տիտղոսը։
Սահակ Պարթեւ ծնած է Կեսարիոյ մէջ 348ին, երբ իր ծնողները կ՛ուսանէին քրիստոնէական մշակոյթի ծաղկուն կեդրոն այդ քաղաքին մէջ։ Սահակ հազիւ 2—3 տարեկան էր, երբ իր մօր վաղահաս մահուան պատճառաւ կը բերուի Հայաստան, ուր կը վայելէ՝ մօր գծով մեծ հօր՝ Մամիկոնեան ընտանիքի խնամքն ու դաստիարակութիւնը Տարօնի մէջ։ Այդ տարիներուն իր հայրը՝ Ներսէս տակաւին կը շարունակէր իր ուսումը Կեսարիոյ եւ Բիւզանդիոնի բարձրագոյն դպրոցներու մէջ։
Հայաստանի մէջ Սահակ իր նախնական ուսումը կը ստանայ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին մէջ, ուր կը սորվի յունարէն, ասորերէն ու պարսկերէն։ Այնուհետեւ, երբ ան պատանի կը դառնայ, իր հայրը՝ Ներսէս, զինք կը տանի իր մօտ, Կեսարիա, որպէսզի այնտեղ հմտանայ յունարէն լեզուին եւ խորանայ կրօնական եւ իմաստասիրական գիտութեանց մէջ։
Սահակ կ՛ամուսնանայ Կեսարիոյ մէջ, երբ 22 տարեկան էր։ Դժբախտաբար, ժամանակակից աղբիւրներ չեն փոխանցած մեզի անոր կնոջ անունն ու ազգատոհմը։ Այդ ամուսնութենէն անոնք ունեցած են աղջիկ զաւակ մը, Սահականոյշ անունով, որ յետագային ամուսնանալով հայոց բանակի սպարապետ՝ Մանուէլ Մամիկոնեանի որդի, Համազասպի հետ, դարձաւ մայրը Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի։
Չենք գիտեր, արդեօք Սահակ ալ կանուխ տարիքէն այրիացա՞ծ էր, թէ կնոջմէ բաժնուած էր, փոխադարձ համաձայնութեամբ, քանի որ Հայաստան վերադառնալէ ետք զինք կը գտնենք խստակրօն ճգնողական կեանքի նուիրուած։
Հայաստանի Քաղաքական Վիճակը.
Սահակի Կաթողիկոսական Գահ Բարձրանալը
Հայաստան դարեր շարունակ ռազմադաշտ եղած է իր հարեւան երկու հզօր կայսրութեանց միջեւ։ Իր աշխարհագրական, ռազմավարական եւ քաղաքական դիրքին կարեւորութեան պատճառաւ, դարձած է կռուախնձոր նախ Հռոմէական կայսրութեան եւ Պարթեւական Պարսկաստանի եւ ապա Բիւզանդական եւ Սասանեան կայսրութեանց միջեւ, որու պատճառով Հայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը քարուքանդ եղած են, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ սպանուած կամ գերի տարուած են։ Այն հարեւան կայսրութիւնը, որ կը տիրապետէր հայկական բարձրավանդակին եւ որպէս դաշնակից կամ վասալ թագաւորութիւն Հայաստանը ունէր իր կողքին, վստահ էր, որ իր երկրի սահմանները աւելի լաւ պաշտպանուած են իր հակառակորդ կայսրութեան ծաւալապաշտական, քաղաքական եւ ռազմատենչ ձգտումներուն դէմ։
Այսպէս եղած էր Հայաստանի ճակատագիրը տակաւին նախաքրիստոնէական շրջանին, իսկ հայ ժողովուրդի քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելէ ետք, Պարսկաստան առաւել չափով կ՛աշխատէր ամէն կերպ հեռու պահել հայերը քրիստոնեայ կայսրութեան քաղաքական, կրօնական ու մշակութային ազդեցութենէն։ Ժամանակակից յունահռովմէական եւ հայկական աղբիւրները խօսուն են իրար մրցակից այս զոյգ կայսրութեանց Հայաստանը իրենց ենթարկելու եւ մինչեւ իսկ որպէս անկախ թագաւորութիւն ու պետականութիւն ամբողջութեամբ վերացնելու մասին։
Պարսկաստանի եւ Հռովմի միջեւ երկարատեւ պատերազմներու եւ յատկապէս 380ական թուականներէն սկսեալ անոնց միջեւ տեղի ունեցող բանագնացութեանց որպէս արդիւնք, 387 թուականին Հայաստան աշխարհ բաժնուեցաւ երկուքի։ Այդ բաժանումով առիւծի բաժինը՝ մօտաւորապէս երկրի չորսհինգերորդը խլեց Պարսկաստան. իսկ մնացեալը բաժին ինկաւ Բիւզանդիոնին։
Ղազար Փարպեցի, որ գրած է Հայաստանի բաժանումէն (387) մինչեւ 485 թուականի «Հայոց Պատմութիւն»ը, այդ մասին կը վկայէ հետեւեալ կերպով.
«
Հայոց աշխարհի մեծ մասը՝ լաւը, պիտանին եւ արգաւանդը բաժին ինկաւ Պարսից թագաւորին։ Թէեւ բազմաթիւ գաւառներ իբրեւ ժառանգութիւն տրուեցան Յունաց բաժնի թագաւորին, սակայն անոնք բոլորը համաչափ էին Այրարատեան գաւառին, որ Պարսկական բաժնին մէջ էր»:
Այստեղ յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է յիշել, որ այս բաժանումի ընթացքին հայկական զանազան գաւառներ վերցուած էին Հայաստանէն եւ ուղղակի կցուած՝ Սասանեան Պարսկաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան երկրամասերուն։
Անդամահատուած Հայաստանի երկու բաժիններուն մէջ թէեւ մի առժամանակ պահպանուեցան Արշակունի երկու թագաւորներ, Խոսրով Դ.ը Պարսկական բաժնի, իսկ Արշակ Գ.ը Հռոմէական Հայաստանի մէջ, սակայն հայ ժողովուրդը այլեւս կորսնցուցած էր իր միասնականութիւնը եւ դարձած առաւել չափով ենթակայ հարեւան կայսրութեանց քաղաքական եւ մշակութային ազդեցութեան։ Այսու նաեւ վտանգուած էր իր ազգային իւրայատուկ նկարագիրը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։
Հայաստանի երկուքի բաժնուելէն ետք, երբ երկու Արշակունի հայոց թագաւորները ճշդեցին իրենց սահմանները, անոնք իրար հետ ապրեցան հաշտ ու համերաշխ։ Սակայն Արշակ Գ.ի կեանքը երկար չեղաւ. 389ին կամ 390ին երբ մահացաւ, Բիւզանդիոնի Թէոդոսիոս կայսրը ջնջեց հայկական թագաւորութիւնը, այլ խօսքով Արշակ Գ.ի տեղը նոր Արշակունի թագաւոր մը չբարձրացուց գահ, այլ Հայաստանի Յունական բաժինը այնուհետեւ կառավարեցին կայսեր կողմէ նշանակուած կուսակալներ։ Հայաստանի Պարսկական բաժինին մէջ շարունակեցին թագաւորել Արշակունի արքաներ մինչեւ 428 թուականը, երբ պարսկասէր հայ նախարարներու Արքայից Արքային կատարած խնդրանքով եւ ազգուրաց դաւաճանական արարքով այստեղ եւս վերջ գտաւ Արշակունեաց թագաւորութիւնը։ Այս առիթով նաեւ գահընկէց եղաւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս։ Այս խնդրի մանրամասնութեանց պիտի անդրադառնանք իր տեղին։
Մեծն Ներսէս Ա. հայրապետի անակնկալ վախճանէն ետք (373), երբ հազիւ 45 տարեկան էր, հայրապետական աթոռին բարձրացեր էին յաջորդաբար Մանազկերտցի Շահակ Ա. (373—377), Զաւէն Ա. (377—381) եւ վերջինը՝ Ասպուրակէս, որ իր մահկանացուն կնքեց 386ին։
Խոսրով հայոց թագաւորի նախաձեռնութեամբ Սահակ Պարթեւ ընտրուեցաւ հայրապետ հայ եկեղեցւոյ 387ին, ճիշդ այն տարին, երբ Հայաստան երկու մասի բաժնուեցաւ։ Ան իր կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնն ու իշխանութիւնը ստացաւ հայոց եպիսկոպոսներէն, առանց Կեսարիա կամ այլուր երթալու։
Լուսաւորչի ազգատոհմէն, գիտնական, կորովի եւ իմաստուն նոր հոգեւոր պետի մը կրկին Հայ եկեղեցւոյ գլուխ կանգնիլը մեծապէս ոգեւորեց Հայ եկեղեցւոյ զաւակները, որոնք Լուսաւորչի տան շառաւիղին վերընձիւղման մէջ կը տեսնէին հայ ժողովուրդի համազգային ձգտումներուն քաջարի առաջնորդը։ Ճիշդ է որ Հայաստան արդէն բաժնուած էր երկու հարեւան կայսրութեանց միջեւ, սակայն Հայաստանեայց եկեղեցին գալիք տասնամեակներու եւ դարերու ընթացքին պիտի շարունակէր իր հովանիին տակ պահել ողջ հայութիւնը։
Կ՛արժէ այստեղ նշել հետեւեալ հետաքրքրական զուգադիպութիւնը։ 387 թուականը եթէ մէկ կողմէ կը գուժէ Արշակունեաց թագաւորութեան կորստեան սկիզբը, հայ ժողովուրդի միասնականութեան թուլացումը, որպէս քաղաքական եւ զինուորական ոյժ, միաժամանակ սակայն կ՛աւետէ Սահակ Պարթեւի կաթողիկոսական գահ բարձրանալը, որուն պիտի յաջորդէին Գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, ազգային մշակոյթի ու հայ գրականութեան Ոսկեդարու կերտումը։
Քաղաքական այս նոր պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պէտք է պայքարէր եւ գոյատեւէր Պարսկական Սալի եւ Բիւզանդական Մուրճի միջեւ, բնականօրէն հայոց նորընտիր հայրապետին կաթողիկոսական տարիներն ալ պիտի ըլլային մերթ խաղաղ եւ յաճախ փոթորկալից։
Խոսրով Հայոց Թագաւոր Եւ Սահակ Կաթողիկոս Գահընկեց
Արշակ թագաւորի մահուընէ ետք Խոսրով թագաւոր սկսաւ բանակցութիւններ վարել Բիւզանդիոնի Թէոդոսիոս կայսեր հետ, իր իշխանութիւնը ձեւով մը տարածելու համար նաեւ Յունական բաժինին վրայ, անշուշտ յարգելով Բիւզանդական կայսրութեան գերիշխանութիւնն ու օրէնքները այդ երկրամասի մէջ։ Առ այդ, ան յանձն առաւ Հայաստանի Յունական բաժինի հարկերը գանձել եւ փոխանցել Բիւզանդիոն։ Թէոդոսիոս կայսր ծանօթ ըլլալով Խոսրովի եւ Սահակ հայրապետի յունասէր հակումներուն, սկզբունքով իր համաձայնութիւնը յայտնեց վարչական այս կարգադրութեան, յուսալով որ այս կերպով պիտի յաջողէր աստիճանաբար սիրաշահիլ նաեւ Պարսկական բաժինի հայերը եւ այդ երկրամասը եւս կցել Բիւզանդական կայսրութեան։
Պարսից արքայ Շապուհ Բ. (307-379) իր հերթին կը հետապնդէր նոյն նպատակը, յօգուտ Պարսկաստանի. այլ խօսքով իր ազդեցութեան տակ առնել Յունական Հայաստանը եւ ի վերջոյ կցել Պարսկաստանին։
Խոսրովի կայսեր հետ վարած յիշեալ բանակցութիւնները բնականաբար չէին կրնար գաղտնի մնալ։ Ղազար Փարպեցի կը վկայէ, որ Արշակունեաց տոհմի տկարացման պատճառով, պարսից տիրապետութեան տակ գտնուող հայոց նախարարները սկսան իրենց թագաւորին՝ Խոսրովի դէմ բամբասանքներով ատելութիւն սերմանել։ Խոսրովի դէմ կատարուած բամբասանքները՝ որպէս թէ ան յունասէր է եւ հաւատարիմ չէ Արքայից Արքային, ի վերջոյ հասան Շապուհի։ Պարսկասէր հայ նախարարները պատուիրակութեամբ գացին Տիզբոն, անձամբ ներկայացան Շապուհի եւ հետեւեալ ամբաստանութիւնները կատարեցին անոր դէմ։
«
Թէեւ Խոսրովը քեզ սիրող ու հնազանդ կը ձեւացնէ, սակայն քու նկատմամբ ցոյց տուած բարեկամութիւնը սուտ է ու կեղծ, քանի որ անոր գաղտնի ուխտն ու խորհուրդը յոյներու թագաւորին հետ է, եւ միշտ հրովարտակներով եւ երթեւեկող պատգամաւորներով կը բանակցի անոր հետ խաղաղութեան համար։ Թէ դուք ինչպէս կը հատուցէք զինք ըստ իր խաբէութեան, անիկա ձեր գործն է»։
«
Պարսից Շապուհ արքան», կ՛աւելցնէ Փարպեցին, «խնդութեամբ եւ ախորժալուր ունկնդրութեամբ լսելով այս բոլորը, հրամայեց շտապ հրովարտակով Խոսրովը կանչել իր դուռը (Տիզբոն). իսկ Խոսրով անտեղեակ հայ նախարարներու բանսարկութիւններէն, որպէս թէ իր իշխանի եւ բարեկամի մօտ կ՛երթար, շտապ հասաւ արքունիք»:
Խորենացի նոյն այդ դրուագը տարբեր ձեւով կը ներկայացնէ։ Որպէս թէ նախ զայրանալով, յանդուգն կերպով կը պատասխանէ պատգամաւորներուն եւ կը մերժէ Տիզբոն երթալ. մինչեւ իսկ անարգելով զանոնք, ետ կը ղրկէ Պարսկաստան։
Այս յանդուգն կեցուածքը կը ցուցաբերէ, յոյսը դնելով Բիւզանդիոնի կայսեր վրայ։ Անկէ կը խնդրէ, օգնութեան հասնիլ իրեն՝ ապստամբելու Շապուհի դէմ, խոստանալով ամբողջ Հայաստանը դնել անոր տիրապետութեան տակ։ Սակայն երբ ակնկալուած օգնութիւնը չի հասնիր, պարտաւորուած՝ կը յօժարի երթալ Տիզբոն։
Մնացեալ պատմութիւնը նոյնն է թէ՛ Փարպեցիի եւ թէ Խորենացիի մօտ։ Վռամ Դ. Կրման, որ յաջորդած էր Շապուհի, անմիջապէս կը զրկէ Խոսրովը իր թագաւորութեան իշխանութենէն առանց զինք հարցաքննելու հայ նախարարներուն առջեւ եւ բանտարկել կու տայ Անյուշ բերդին մէջ։ Այնուհետեւ, երբ հայ նախարարները նոր թագաւոր կ՛ուզեն, յարգելով Արշակունեաց տոհմի իրաւունքները, Խոսրովի եղբայրը, որուն անունն էր Պահլաւիկ, փոխելով Վռամշապուհի, կը կարգէ հայոց թագաւոր։ Յատկանշելի է որ Վռամը իր անունն էր, իսկ Շապուհը՝ իր հօր։
Յիշենք որ Խոսրովի դէմ կատարած մեղանքներէն մէկն ալ այն էր, որ առանց Արքայից Արքայի արտօնութեան Սահակ Պարթեւը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացուցած էր եւ հայ նախարարներէն ոմանց կարգած էր զանազան պաշտօններու վրայ։ Ուստի, Սահակի կաթողիկոսութիւնն ու Խոսրովի կողմէ կատարուած նախարարական պաշտօնները եւս չեղեալ համարուեցան։ Այսուհանդերձ Սահակի տեղ նոր կաթողիկոս մը չնշանակուեցաւ. այլ խօսքով, յաչս հայ ժողովուրդի Սահակ շարունակեց համարուիլ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը։
Սահակ Կաթողիկոս Տիզբոնի Մէջ
Այս իրադարձութեանց մէջ բնականաբար Սահակ կաթողիկոս անտարբեր չէր կրնար մնալ։ Խոսրովի Բիւզանդիոնի կայսեր հետ ունեցած նամակագրութենէն վստահաբար տեղեակ էր եւ հաւանական է որ իր բարձր հեղինակութեամբ նաեւ քաջալերողը եղած ըլլայ այդ բանակցութեանց, որպէսզի յաջողութեան պարագային, երկու կայսրութեանց միջեւ բաժնուած հայութեան վրայ մէկ հայոց թագաւորի կամքը իշխէ, թէկուզ սահմանափակուած իրաւասութիւններով։ Հիմա որ այդ ծրագիրը չէր յաջողած, Խոսրովի գահընկէցութեան հետ նաեւ իր կաթողիկոսական հանգամանքը խնդրոյ առարկայ դարձած էր, ուստի պէտք էր ելք մը գտնել այդ դժուարին կացութենէն դուրս գալու համար։
Սահակ կաթողիկոս լաւ գիտէր, որ զինք պաշտօնանկ ընել կը նշանակէ Պարսկաստանի նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութիւնը կասկածի ենթարկել։ Ուրեմն պէտք էր օր առաջ վերացնել իր նկատմամբ ցուցաբերուած անվստահութիւնը։ Եթէ Հայաստանի Պարսկական բաժնի հայութիւնը խաղաղ պիտի ապրէր, անհրաժեշտ էր, որ հայոց թագաւորի եւ կաթողիկոսի յարաբերութիւնները Տիզբոնի հետ բարելաւուէին եւ դրուէին փոխադարձ վստահութեան ամուր հիմքերու վրայ։ Ահա այդ նպատակով յարմար տեսաւ անձամբ ներկայանալ Վռամ Դ. Կրմանի եւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններն ու հաւատարմութեան երաշխիքը ներկայացնել անոր։ Այս առիթով նաեւ ստացաւ Վռամշապուհ հայոց արքայէն յանձնարարական նամակ, իր կատարելիք խնդրանքներու վերաբերեալ։
Իրապէս սպասուածէն շատ աւելի յաջող արդիւնք ունեցաւ Սահակի դէմ առ դէմ հանդիպումը Վռամի հետ։ Այս մասին Խորենացին է մեր աղբիւրը։ Սահակ կաթողիկոսի տուած տրամաբանական բացատրութիւնները յօգուտ Պարսկաստանի շահերուն Հայաստանի վարած քաղաքականութեան մասին, անոր տուած իմաստուն պատասխանները եւ առհասարակ անոր պատկառելի անձնաւորութիւնը մեծապէս տպաւորեցին Վռամ արքան։ Ուստի, ցուցաբերուած ընդունելութիւնը շատ դրական էր։
Ինչ կը վերաբերի Սահակ կաթողիկոսի կողմէ կատարուած խնդրանքներուն, առաջին հերթին պետական պաշտօնական ճանաչում շնորհեց անոր կաթողիկոսական պաշտօնին։ Երկրորդ՝ ընթացք տրուեցաւ անոր խնդրանքին, իր փեսային՝ Համազասպ Մամիկոնեանին կարգելու հայոց բանակի սպարապետ։ Այս պաշտօնը թափուր մնացած էր Սահակ Բագրատունիի մահուընէ ետք։ Նաեւ Մամիկոնեան տոհմը՝ նախարարական նուիրապետական կարգին մէջ բարձրացուց հինգերորդ աստիճանի։ Երրորդ՝ Խոսրով գահընկեց հայոց թագաւորին համար, որ Անյուշ բերդին մէջ դատապարտեալի խիստ պայմաններու մէջ կը պահուէր, թոյլտուութիւն ստացաւ անոր բանտային վիճակը մեղմացնելու ու աւելի տանելի վիճակի մէջ պահելու։ Չորրորդ՝ ժամանակին պարսկական իշխանութեան դէմ ըմբոստացած Կամսարական եւ Ամատունի իշխաններու ժառանգներուն համար ներում ստացաւ, որպէսզի իրենց հայրերու գործած յանցանքներուն համար այլեւս չպատժուին, քանի որ արդէն իրենց հայրերը նահատակութեամբ պսակած էին իրենց կեանքը։ Սահակ կաթողիկոս նաեւ յաջողեցաւ արտօնութիւն ստանալ, առ այն որ Կամսարականներուն եւ Ամատունիներուն պատկանող, սակայն մինչ այդ յարքունիս գրաւուած կալուածները վերադարձուին անոնց ժառանգներուն, որոնք ազգատոհմով աքսորուած ու հալածուած, փախստական եւ թաքնուած կեանք մը կ՛ապրէին։



Բայց այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը այն էր, որ Սահակ կաթողիկոս յաջողած էր Պարսից արքայի սիրտին ու միտքին մէջ վստահութիւն ներշնչել հայոց կաթողիկոսութեան եւ թագաւորութեան նկատմամբ։ Ան կրցած էր համոզել Պարսից արքունիքը, որ Հայաստանի Պարսկական եւ Յունական բաժիններու հայութեան միջեւ համերաշխ յարաբերութիւններ պահելը յօգուտ Պարսկաստանի էր. հայոց թագաւորին՝ Վռամշապուհի եւ հայոց կաթողիկոսին՝ Սահակի հեղինակութեան ճանաչումը նաեւ Յունական բաժինին վրայ օգտակար եւ շահաւէտ էր Պարսկաստանի համար։ Այդ հիման վրայ, այժմ արտօնուած էր Վռամշապուհի Հայաստանի երկու բաժիններու հարկերն ալ գանձել եւ փոխանցել իրենց պատկան տէրերուն։
Այս մասին Օրմանեան կ՛եզրակացնէ. «Սահակի միջնորդութեամբ քաղցրացան Յունաց եւ Պարսից յարաբերութիւններն ալ, որով երկու արքունիքներուն մէջ տիրած էր խաղաղութիւն եւ ինչ որ Խոսրովի համար յանցանք նկատուեցաւ, Վռամշապուհի ներուեցաւ ընել, երկոցունց թագաւորաց միանգամայն ծառայել, իւրաքանչիւր բաժինին հարկերը, իրեն հովանաւորին տալով՝ Պարսիցը արքայից արքային, եւ Յունացը՝ Բիւզանդիոնի կայսեր։ Այդ ամէն յաջողութեանց լրումը պէտք է դնել Վռամշապուհի երկրորդ տարին, 390ին»:
Սահակի Տիզբոնէն մեծարանքով եւ պատիւներով յաղթական Հայաստան վերադարձը մեծ ցնծութեամբ ողջունուեցաւ թէ՛ հայոց արքունիքին եւ թէ Հայոց եկեղեցւոյ կողմէ։ Իր իմաստութեամբ եւ հեղինակութեամբ ան յաջողեր էր ապահովել շարք մը նպաստաւոր պայմաններ յօգուտ հայութեան ընդհանրական շահերուն։ Յատկանշելի է, որ Սահակ կաթողիկոսի շնորհած նոր իրաւասութեանց վերաբերեալ Վռամ պարսից արքայէն հայոց Վռամշապուհ արքային ուղղուած պաշտօնական հրովարտակ մըն ալ ան բերած էր Հայաստան։ Ուստի, Սահակ հայրապետի հանդէպ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող բարի համբաւը, սէրն ու յարգանքը առաւել չափով աճեցան։
Յաջորդող 15 տարիներու ընթացքին Սահակ կաթողիկոս եւ Վռամշապուհ արքայ միասնաբար կրցան ամենայն խոհեմութեամբ կառավարել երկիրը։ Հայաստան վայելեց երկարամեայ պատերազմներէ ու տագնապալից անցքերէ ետք, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման շրջան մը, որուն շնորհիւ Թարգմանչաց սերունդը, միասնական ջանքերով կրցաւ սկիզբը դնել հայոց դպրութեան։
Հայոց Գիրերու Գիւտը Եւ Աստուածաշունչի Թարգմանութիւնը
Ինչպէս այս յօդուածի ներածականին մէջ յայտներ էինք, այս գրութեան նպատակէն դուրս է զբաղուիլ հայոց Գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան, ինչպէս նաեւ անոնց վերաբերող զանազան բանասիրական, լեզուաբանական ու պատմական խնդիրներով։ Առանց թերագնահատելու Սուրբ Մեսրոպի կատարած գործին մեծութիւնը, մեր փափաքն է այստեղ ընդգծել կարգ մը իրողութիւններ, որոնք առաւել կը բացայայտեն Ս. Սահակի անփոխարինելի դերակատարութիւնը առհասարակ Թարգմանչաց Վարդապետաց երախտարժան գործունէութեան մէջ։
Ըստ Մովսէս Խորենացիի Մեծն Սահակը Եպիսկոպոսապետութեան աթոռ բարձրանալէ ետք, իր առաքինի կեանքով, աղօթանուէր ու սրբակեաց վարքով նմանեցաւ Լուսաւորիչի տան պարծանքը հանդիսացող իր հայրերուն, մինչեւ իսկ աղօթքի ճամբով գերազանցելով զանոնք։ Ան իր շուրջ հաւաքեց տքնաջան աղօթող եւ յարատեւ գիր ու գրականութեամբ զբաղուող թիւով 60 անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք կը դաստիարակուէին իր շունչին տակ եւ անոնց հետ անխափան կը կատարէր եկեղեցական արարողութիւնները, նման ճգնաւորներուն։
Հայոց Գիրերու գիւտի համար թափուած ճիգերուն սկիզբը՝ ըստ Օրմանեան սրբազանի պէտք է ընդունիլ 403 տարին, երբ Մաշտոց վարդապետ եկաւ Սահակ կաթողիկոսի մօտ, հայերէն լեզուի նշանագրերը ձեռք բերելու յոյսով։ Այդ հանդիպումի գլխաւոր նպատակն էր, հնար մը գտնել դուրս գալու համար Հայ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած անել կացութենէն։ Ինչպէ՞ս ընել, որ հայերէն տառերու միջոցաւ կարելի ըլլայ թարգմանել Աստուածաշունչը հայերէնի, ունենալ հայերէն լեզուով կատարուող ժամերգութիւններ եւ այլ ծէսեր։ Սակայն այս հանդիպումին տուն տուող պատճառը հասկնալու համար նախ պէտք է համառօտ կերպով ծանօթանանք Մաշտոցի կենսագրութեան եւ յատկապէս անոր ապրած դառն փորձառութեան, որպէս արդիւնք Հայաստանի տարբեր գաւառներու մէջ՝ քրիստոնէական վարդապետութեան քարոզութեան նպատակով կատարած շրջագայութեանց։
Գիրերու գիւտի, Մաշտոցի կենսագրութեան վերաբերեալ 5րդ դարու սկզբնաղբիւրներն են. առաջին՝ Կորիւն Վարդապետի «Վարք Մաշտոցի»ն, երկրորդ՝ Մ. Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»ը, երրորդ՝ Ղազար Փարպեցիի, «Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» երկը։
Ըստ վերոյիշեալ աղբիւրներու, Մաշտոց Տարօնի Հացեկաց գիւղէն էր, «Վարդան անունով երանելի մարդու որդին»։ Փոքր տարիքէն դաստիարակուած էր հելլենական դպրութեամբ։ Խոսրով Դ.ի (385էն 387-8) եւ ապա անոր եղբօր՝ Վռամշապուհի (388—414) թագաւորութեան ժամանակ զինք կը գտնենք Արշակունեաց մայրաքաղաք Վաղարշապատի մէջ, արքունական դիւանատան քարտուղարի պաշտօնով, Առաւան կոչուող հազարապետի ձեռքին տակ, վայելելով բարձրաստիճան զինուորականի պատիւ։
Այս շրջանին նուիրուելով Աստուածաշունչ մատեաններու ընթերցանութեան, առաւել չափով թափանցեց քրիստոնէական վարդապետութեան էութեան մէջ եւ ի վերջոյ որոշեց հրաժարիլ իշխանական ցանկութիւններէն եւ միանալ «Քրիստոսի խաչակիր գունդին» եւ մուտք գործել միայնակեացներու՝ վանական կարգի մէջ։ Ապրեցաւ ճգնաւորներու յատուկ խստակեաց եւ աղօթանուէր կեանք, իրեն աղօթակից եւ աշակերտ դարձելով խումբ մը հոգեւորականներ։
Այնուհետեւ իր հետ առնելով իր հաւատացեալ աշակերտները, կ՛ըսէ Կորիւն, իջաւ Գողթն գաւառ, աւետարանական քարոզութեան նպատակով, ուր, ըստ Խորենացիի, հեթանոսական աղանդ մը՝ Արշակունեաց թագաւորութեան տկարանալուն պատճառով, կրկին երեւան եկած էր եւ զօրացած։ Հաւանական է որ յիշեալ «հեթանոսական աղանդը», ըստ Օրմանեան սրբազանի, Բորբորիտոն կոչուած աղանդը ըլլայ։ Յամենայն դէպս Գողթնի բարեպաշտ իշխանի՝ Շաբիթի օժանդակութեամբ եւ իր աւետարանական քարոզութեամբ կը ջնջէ անոնց հետքը եւ գաւառը կը լեցնէ քրիստոնէական վարդապետութեան լոյսով եւ օրհնութեամբ։
Այսուհանդերձ, տխուր էր վարդապետը։ Որպէս քարոզիչ, ժողովուրդին հետ իր ունեցած առաջին իսկ շփումը զինք դրած էր դառն իրականութեան մը առջեւ։ Ժողովուրդը մը, որ չունէր իր սեփական գիրն ու գրականութիւնը, հայերէն խօսող Աստուածաշունչն ու եկեղեցական արարողութիւնները, միշտ անհաղորդ պիտի մնար պետականօրէն, ըսենք ձեւականօրէն ընդունած կրօնին։ Բացայայտօրէն կար անթափանցելի, անանցանելի լեզուական պատուարը հայ հաւատացեալին եւ քրիստոնէութեան միջեւ։
Վերոյիշեալ երեք աղբիւրները, առաւել՝ Փաւստոս Բիւզանդ, բազմաթիւ օրինակներով նկարագրած են այն ցաւալի վիճակը որ կը տիրէր 4րդ դարուն Հայ եկեղեցւոյ մէջ, թէ՛ հոգեւորականներուն եւ թէ ժողովուրդին համար։
Ղազար Փարպեցի (Դրուագ Ա.Ժ.) այս կապակցութեամբ հետեւեալ հետաքրքրական վկայութիւնը ունի. «Երանելի Մաշտոցը անվերջ հոգալով տրտում էր՝ տեսնելով Հայաստանի աշխարհիս մանուկներու ջանքերը, առաւել եւս՝ ծախսերը, երբ անոնք անպատմելի ծախսերով, հեռագնաց ճանապարհներով եւ բազմաժամանակեայ դեգերումներով իրենց օրերը կը մաշեցնէին ասորական գիտութեան դպրոցներու մէջ։ Եկեղեցական արարողութիւններն ու Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնները Հայաստանի ժողովուրդի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէին ասորերէն, որոնցմէ ոչինչ կը հասկնային կամ կ՛օգտուէին այսպիսի մեծ երկրի բնակիչները (հայերը). իսկ ասորերէն լեզուն չհասկնալու պատճառով եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն աշխատանքն ու ժողովուրդին ջանքերը առանց արդիւնքի կը մնային։ Երանելի Մաշտոցը այս մասին երկար ժամանակ կը մտածէր եւ կու լար ներքնապէս»։
Ան լսած էր, որ հայերէն տառեր կան. ուրեմն ինչո՞ւ ոչ սեփական լեզուով, այլ «մուրացածոյ բարբառով» փորձել շահիլ Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն սիրտերը եկեղեցիներու մէջ։
Փ. Բիւզանդի հետեւեալ տողերէն կարելի է յստակ պատկերացում մը ունենալ Մաշտոցի ունեցած դժուարութեանց մասին.
«Եթէ վարդապետները նստելով գիշեր ցերեկ ամպերու նման (քրիստոնէական) վարդապետութիւնը ինչպէս յորդ անձրեւ անոնց վրայ հոսեցնէին՝ անոնցմէ ոչ մէկը, ոչ մէկ խօսք, ոչ կէս խօսք, ոչ մէկ բան, ոչ մի նշոյլ իրենց լսածներէն կրնար միտք պահել կամ հասկնալ»:
Անհրաժեշտ է այստեղ նշել, որ պարսիկներ, Հայաստանի իրենց բաժինին մէջ արգիլած էին յունարէնի գործածութիւնը, ուստի Մաշտոց պէտք էր Ս. Գրոց որեւէ ընթերցում նախ կատարէր ասորերէն լեզուով եւ ապա տեղւոյն վրայ թարգմանէր հայերէնի։
Այս նպատակով հայ եկեղեցականներու մէջ երկու խումբեր կազմուած էին. անոնք կը կոչուէին վերածանողներ եւ թարգմանողներ։ Անոնցմէ առաջին խումբի պարտականութիւնն էր կարդալ ասորերէն բնագիրը. իսկ երկրորդինը՝ տեղւոյն վրայ թարգմանել հայերէնի։ Կարելի է պատկերացնել ստեղծուած ձանձրանալի եւ ապարդիւն աշխատանքը. հապա ինչպէ՞ս կարելի էր թարգմանել երգեցողութիւնը եւ այլն։
Մաշտոց՝ երբ գիշեր ցերեկ տագնապահար եւ խռովայոյզ հոգիով կը մտածէր լուծում մը գտնել այս հարցին, կը լսէ որ, ըստ Փարպեցիի, «Գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս»։ Ուստի կ՛որոշէ անմիջապէս երթալ Վաղարշապատ հայոց հայրապետին մօտ, անկէ խորհուրդ եւ գործնական օգնութիւն ստանալու նպատակով։ Խորհրդակցելով զինք մտատանջող խնդիրներու շուրջ, նաեւ կը յայտնէ անոր հայերէն տառերու գոյութեան մասին։
Կաթողիկոսին կողմէ Մաշտոց կ՛արժանանայ ջերմ ընդունելութեան, ցուցաբերելով ցաւակից, սրտակից եւ համախոհ վերաբերմունք. ուստի, նոյն նպատակի իրագործման համար, անոնք կ՛որոշեն միասնաբար հետապնդել այս խնդիրը, բայց նախքան որեւէ գործնական քայլի դիմելը, յարմար կը տեսնեն ներկայանալ Վռամշապուհ հայոց արքային, ստանալու համար անոր հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը, կարենալ ձեռք բերելու համար՝ այսպէս կոչուած, հայերէն նորագիւտ նշանագրերը։
Բարեբախտաբար Վռամշապուհ արքայ իր հերթին տեղեկացած էր այս հայերէն գիրերուն մասին, իր Միջագետք եղած շրջանին։ Ուստի, կը պատմէ անոնց Դանիէլ անունով ազնուական ասորի եպիսկոպոսի մը մասին, որ յանկարծ գտած է հայերէն լեզուին նշանագրերը։ Վռամշապուհի հաղորդած այս ուրախ լուրին հիման վրայ, անոնք խնդրեցին թագաւորէն օր առաջ ունենալ նորագիւտ այդ գիրերը։ Ուստի, հայոց արքան յատուկ հրովարտակով մը ուղարկեց Վահրիճ անուն, իրեն վստահելի անձ մը՝ Հաբէլ երէցի մօտ, որ ազգական էր Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսին։ Ըստ Խորենացիի, Վահրիճ եւ Հաբէլ, այցելելով Դանիէլին, ստացան անկէ՝ վերոյիշեալ Դանիէլեան նշանագրերը։ Երբ անոնք բերուեցան Հայաստան, արքան, Սուրբ Սահակն ու Մաշտոցը մեծապէս ուրախացան։
Արքայի օգնութեամբ շուտով հաւաքուեցան ուշիմ մանուկներ, որպէսզի անոնց սորվեցնեն նորագիւտ տառերը. սակայն երկու տարի դասաւանդելէ ետք համոզուեցան, որ այդ տառերով կարելի չէր հայերէն վանկերն ու բառերը կազմել, նոյնպէս՝ հայերէն լեզուին բոլոր հնչիւնները արտայայտել։ Օրմանեանի կարծիքով, «Դանիէլեան նշանագրերը, ասորական կամ սեմական աղբիւրէ բխած, առանց ձայնաւորի այբուբէն մը եղած պէտք է ըլլային, մինչ Սահակ եւ Մեսրոպ՝ յունական դպրութեանց հմուտ անձեր, հարկաւ արեւմտեան յունալատին այբուբենի դրութեամբ, ձայնաւորներով լրացեալ տառեր կը հետամտէին կազմել»: Յամենայն դէպս, դառն իրականութիւնն այն էր, որ Դանիէլեան տառերուն ձախող ըլլալը փաստուելէ ետք, Սահակ ու Մեսրոպ դարձեալ մատնուեցան խորը մտահոգութեան։ Այսուհանդերձ, առանց յուսահատելու որոշեցին կրկնապատկել իրենց ճիգերը եւ բազմապատկել աղօթքները առ Աստուած հասնելու՝ ազգօգուտ նպատակի յաջողութեան։
Ուստի, «Երանելի Մաշտոցը», կը գրէ Կորիւն, «արքայի հրամանով եւ Սուրբ Սահակի համաձայնութեամբ», իր հետ առնելով իր յառաջադէմ աշակերտներէն քանի մը հատը, իջաւ Միջագետք՝ Ասորիք։ Այդ աշակերտներէն երկուքին անունները՝ Յովհան Եկեղեցացի եւ Յովսէփ Պաղնացի, կը յիշէ Կորիւնը, երբ սկսեր էին Ասորիքի մէջ թարգմանական աշխատանքի, իսկ Փարպեցին անոնց վրայ կ՛աւելցնէ երրորդ եւ չորրորդ աշակերտներու՝ Տէր (Տիրայր) Պաղնացիի եւ Մուշէ Տարօնացիի անունները։
Մաշտոց՝ Դանիէլ եպիսկոպոսի մօտ որեւէ նորութիւն չգտնելով, կ՛անցնի Եդեսիա (Ուրֆա), ապա Ամիդ (Տիգրանակերտ) եւ Սամոսատ քաղաքները։ Կը տեսակցի յունարէն լեզուի եւ գեղագրութեան մասնագէտ Հռոփանոսի հետ։ Ան իր այցելած բոլոր քաղաքներուն մէջ կ՛արժանանայ տեղւոյն եպիսկոպոսներու եւ գիտնական վարդապետներու, ինչպէս նաեւ իշխաններու սիրալիր ընդունելութեան եւ մեծարանքին։ Ամենուրեք կը ջանայ գտնել պատասխանները իր միտքը տանջող հարցումներուն։
Ասորիքի մէջ իր աշակերտները կը բաժնէ երկու խումբի. ոմանց պարտականութիւն կու տայ հմտանալու ասորերէն, իսկ ոմանց՝ յունարէն դպրութեանց մէջ։ Սակայն դժբախտաբար ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ անձի մօտ կը յաջողի գտնել իր փնտռածը, այն ինչ որ կը պակսէր հայերէն լեզուն գրաւոր կերպով հայութեան ընծայելու համար։
Այնուհետեւ, ըստ Կորիւնի վկայութեան, Մաշտոց «իր ընկերներու հետ սկսաւ սովորական աղօթքներն ու տքնութիւնները եւ արտասուալից պաղատանքները, խստամբերութիւնները, աշխարհահեծ հոգսերը… եւ այսպէս ան շատ նեղութիւններ կրեց իր ազգին բարի օգնութիւն գտնելու համար։ Ամէն բան շնորհող Աստուած անոր պարգեւեց (այդ) բախտը. ան իր սուրբ աջով հայրաբար ծնունդ տուաւ նոր ու սքանչելի ծնունդներու, (որոնք էին) հայերէն լեզուի նշանագրերը։ Այնտեղ (Եդեսիոյ մէջ) շուտով նշանակեց, անուանեց ու դասաւորեց, յօրինեց Սիղոբաներով՝ կապերով»:
Շուտով վերադառնալով Սամոսատ՝ Հռոփանոսի մօտ, անոր օգնութեամբ վերջնական ձեւաւորում տուաւ երկնապարգեւ նորագիւտ տառերուն. այնուհետեւ իր երկու աշակերտներուն՝ Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի հետ ձեռնարկեց Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան աշխատանքին, սկսելով Սողոմոնի Առակներէն։ Առակաց գրքի առաջին համարը՝ «ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ», եղաւ աստուածաշնչական առաջին հայացուած նախադասութիւնը, որով հայ գիրն ու գրականութիւնը սկիզբ առին։
Խորենացի, խօսելով Գիրերու գիւտի մասին՝ նոյնպէս կը հաստատէ, որ Մաշտոց, իր շրջագայութեանց եւ հանդիպումներուն ընթացքին չկրցաւ ոեւէ անձէ որեւէ գործնական օգնութիւն ստանալ եւ ուստի՝ ապաւինելով աղօթքի եւ Աստուծոյ զօրութեան, «ոչ քնացած ժամանակ երազի մէջ եւ ոչ ալ արթնութեան ժամանակ տեսիլքի մէջ», այլ իր հոգիի աչքերով տեսաւ ինչպէս Աստուծոյ Աջը վանականի իր խուցի պատին վրայ գրեց հայոց տառերը. իսկ ինք այդ բոլորը իր միտքին մէջ պահելով ստեղծեց մեր նշանագիրները:
Երկու հեղինակներու Գիրերու գիւտի նկարագրութեան մէջ պէտք չէ հակասութիւն տեսնել։ Տեղի ունեցածը պարզ է ու հասկնալի մեզի համար։ Մաշտոց ծանօթ ըլլալով ասորերէնի, յունարէնի, Դանիէլեան նշանագրերու ընծայած սահմանափակ եւ անգործնական հնարաւորութեանց, նոյնպէս քաջածանօթ ըլլալով հայերէն լեզուի առանձնայատկութիւններուն եւ հնչիւնաբանութեան, երկարօրէն մտածելով հարցի լուծման մասին, Աստուծոյ օգնութեամբ եւ իր հանճարով ստեղծեց այնպիսի այբուբեն մը, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար նախ թարգմանել Աստուածաշունչը հայերէնի եւ ապա հայերէն լեզուով կարգաւորել Հայ եկեղեցւոյ ժամերգութիւններն ու խորհրդակատարութեանց արարողութիւնները։
Նման յօդուածի մը նպատակէն դուրս համարելով Մեսրոպեան տառերու ակունքները քննարկելու որեւէ փորձ, մեր փափաքն է յետագայ էջերուն մէջ անդրադառնալ միայն այն բարիքներուն եւ գլխաւոր յաջողութեանց, որոնք այբուբենի գիւտի շնորհիւ իրականութիւն դարձան Հայաստանի մէջ։ Բայց նախքան այդ կարելի չէ չյիշել այն աննախընթաց ջերմ ընդունելութիւնը, որուն Մաշտոց եւ իր աշակերտները արժանացան, երբ «օթեւաններ անցնելով, հոգելից ուրախութեամբ հասան Հայաստան աշխարհ, Այրարատեան գաւառի կողմերը, նոր քաղաքի (Վաղարշապատի) սահմանները»։
Կորիւն՝ Մաշտոցի Աստուծմէ ստացած պարգեւը իր ժողովուրդին ընծայելու արարքը կը բաղդատէ Մովսէս Մարգարէի Սինա լերան բարձունքին Աստուծմէ ստացած Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն նկատմամբ իր ժողովուրդին ցուցաբերած վերաբերմունքին հետ։ Ան կ՛ըսէ, մինչ հրեայ ժողովուրդը մերժելով Աստուծոյ պատուիրանները Ոսկի Հորթը կը պաշտէր, Մաշտոց Աստուծմէ ստացած նշանագրերը Հայաստան բերելու առիթով կ՛արժանանար համազգային ցնծութեան եւ երախտագիտութեան։
Ստորեւ կը մէջբերենք այդ պատմական հանդիպումի՝ հրճուալից պահուան նկարագրականը Կորիւնի բառերով. «Երբ Մաշտոց մօտեցաւ թագաւորական քաղաքին, տեղեակ պահեցին թագաւորին եւ Սուրբ եպիսկոպոսին (Սահակ Պարթեւ հայրապետին)։ Անոնք նախարարագունդ աւագանիի բոլոր բազմութիւնը առնելով, քաղաքէն դուրս եկան եւ Ռահ գետի ափին դիմաւորեցին երանելիին (Մաշտոցին)։ Մեծ ուրախութեամբ իրար ողջունելէ ետք, այնտեղէն ցնծութեան ձայներով եւ հոգեւոր երգերով ու բարձրաձայն օրհնութիւններով վերադարձան քաղաք եւ տօնական ուրախութեամբ անցուցին (յաջորդող) օրերը»:
Գիրերու գիւտի թուականի կապակցութեամբ Կորիւնի տուած հակասական տեղեկութեանց պատճառով շփոթ մը յառաջացած է բանասէրներու մօտ։ Օրմանեան, որ իր «Ազգապատում»ին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ առհասարակ հայոց պատմութեան գլխաւոր անցքերը ճիշդ թուականներու վրայ հիմնելու անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ կը մտնէ ժամանակագրական տուեալներու մանրամասնութեանց մէջ, 404 տարին կ՛ընդունի որպէս Դանիէլեան նշանագրերու յատնուելու տարի, իսկ Մաշտոցի գիրերու գիւտը կը դնէ 406ին։ Թուականի այս հարցը այնքան ալ կարեւոր խնդիր մը չէ, էականը նորաստեղծ տառերու Հայաստան բերուելէ ետք, անոնց ճիշդ ձեւով օգտագործումն է, որով հայերէն դպրութիւնը առաջին մէկ օրէն լեզուական ամուր հիմքերու վրայ կը դրուէր։
Ղ. Փարպեցի հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները կու տայ Սահակ կաթողիկոսի հայոց գիրերու վերջնական դասաւորումով զբաղուած ըլլալու եւ առհասարակ ամբողջ թարգմանական աշխատանքը գլխաւորած ու առաջնորդած ըլլալու մասին։




Հիմա որ նորագիւտ տառերը արդէն հայոց հայրապետի տրամադրութեան տակ էին, նախքան դպրոցներ բանալով զանոնք ուշիմ աշակերտներուն սորվեցնելը, Մաշտոց աշխատեցաւ՝ յաճախ դիմելով Սուրբ Սահակի խորհուրդներուն, հայերէն այբուբենը կարգաւորել—դասաւորել, ըստ յունարէնի հնչիւնային—վանկական անսայթաք դասաւորութեան։
Փարպեցի կը նշէ, որ Սուրբ հայրապետը տառերու դասաւորութեան եւ հնչիւնային ուղղաձայնութեան դիւրին ճանապարհ ցոյց տուաւ Մաշտոցի եւ իր գործակից աշակերտներուն. նաեւ կ՛ընդգծէ հետեւեալ պարագան. «Պարզ է որ անոնք չէին կրնար անսխալ կատարել գործը, առանց առաջնորդուելու Սուրբ հայրապետին՝ Սահակի կողմէ, քանի որ ան իր գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ աւելի բարձր էր շատ մը յոյն գիտնականներէ, կատարելապէս հմուտ ըլլալով յունարէն տառերու հնչունաբանութեան եւ հռետորական յորդասաց մեկնաբանութեանց»:
Գուցէ այս է պատճառը, որ Օրմանեան՝ հայոց գիրերու վերջնական ձեւաւորման մէջ բնորոշելով Սահակի դերակատարութիւնը այսպէս կ՛եզրակացնէ.
«Պէտք է ուրեմն ըսել, թէ ինչ որ Մեսրոպ իր շրջագայութեանց մէջ կրցաւ ստանալ, յաջողութիւնը զոր ձեռք ձգեց, խորհուրդները զորս Հռոփանոսէ ստացաւ, ամէնքն ալ ժողովեց բերաւ եւ Սահակի գերագոյն դատաստանին ենթարկեց, եւ Սահակի ցուցուցած ուղղութիւններով եւ տուած կատարելագործութիւններովն է, որ հայերէն այբուբենը իր վերջնական թիւն ու կարգը, ձեւն ու հեգենան (վանկերը) ստացաւ եւ գերագոյն հեղինակութեամբ հաստատուեցաւ»:
Արդարեւ անկարելի է խօսիլ Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէն գիրերու գիւտի մասին, առանց յիշելու Հացեկացի հանճարեղ սուրբի՝ Վրաց եւ Աղուանից եկեղեցիներու համար եւս ստեղծած տառերու պարագան։ Դարձեալ մեր գլխաւոր աղբիւրը այստեղ Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»ն է, ուր մանրամասնօրէն նկարագրուած է, ինչպէ՞ս Մաշտոց՝ տեղական ոյժերու համագործակցութեամբ, հնարեց նաեւ հարեւան երկու քոյր եկեղեցիներու համար իրենց սեփական այբուբենը, որպէսզի Հայաստանի հիւսիսը գտնուող այս երկիրներու մէջ եւս արմատանայ քրիստոնէութիւնը։ Կրօնական նպատակներու կողքին նաեւ պէտք է այստեղ նկատի ունենալ քաղաքական նկատառումները։
Մեր գլխաւոր նիւթէն չշեղելու համար չենք ուզեր այս նիւթի մանրամասնութեանց մէջ մտնել։ Այս մասին մենք բաւարար չափով անդրադարձած ենք Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու յարաբերութեանց նուիրուած մեր անգլերէն գիրքին մէջ, «Սուրբ Մաշտոց Հայր Հայոց եւ Վրաց Գրականութեան» գլուխին տակ։ Ի դէպ նաեւ յիշենք, որ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ վրացերէն Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութիւնը կատարուած է հայերէն Աստուածաշունչի բնագիրէն։
Թէեւ վրացի բանասէրներ՝ մղուած հայութեան նկատմամբ իրենց ունեցած ստորակայութեան բարդոյթէն չեն ուզեր ընդունիլ այս պատմական իրողութիւնները, այսուհանդերձ՝ հիմնուած սկզբնաղբիւրներու եւ տառատեսակներու բաղդատութեան վրայ, ծագումով ոչ վրացի հանրածանօթ, բարձր հեղինակութիւն վայելող վրացագէտներ տասնամեակներէ ի վեր Մաշտոցը կը ճանչնան որպէս Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից ժողովուրդներու տառերու հեղինակը։
Հայոց Դպրոցներ Հայաստանի Պարսկական Բաժինին Մէջ
Յաջորդ կարեւորագոյն աշխատանքը Հայաստանի տարածքին հայկական դպրոցներ բանալու, կրթական հաստատութիւններ հիմնելու հրամայականն էր։ Այստեղ եւս կը տեսնենք համագործակցութիւն, ծրագրաւորում եւ ուսումնական աշխատանքի բաժանում Հայոց հայրապետի եւ Գիւտարար վարդապետի միջեւ։ Մինչ Հայաստանի մայրաքաղաք Վաղարշապատի մէջ արքունիքի աւագանիի, ազնուական դասակարգի ընտանիքներու ու պարզ ժողովուրդի զաւակներուն հայերէն լեզուի ուսուցումը կը ստանձնէ Սահակ կաթողիկոս, Մաշտոց՝ իր հետ առած իր աշակերտները, կը շրջագայի քանի մը անգամ Պարսկահայաստանի բոլոր գաւառները՝ դպրոցներ հիմնելու, ուշիմ աշակերտներ հաւաքելով, հայերէն դասընթացքներ հաստատելու գործով։ Ամէն տեղ կը գտնէ սիրալիր ընդառաջում եւ յաջողութիւն։ Այդ բոլոր ուղեւորութեանց, թափուած ճիգերու մանրամասն նկարագրութիւնը կը գտնենք Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» մատեանին մէջ։
Այս գրութեան սկիզբը մենք նշեցինք, որ Սահակ ունէր իր հետ վաթսուն հոգիներէ բաղկացած աղօթակից աշակերտներու խումբ մը. նոյնպէս Մաշտոց իր վանական կեանքի ճգնողական տարիներէն սկսեալ կը պահէր իր հովանաւորութեան տակ խումբ մը աշակերտներ։ Կ՛աղօթէր անոնց հետ, կ՛ուսուցանէր եւ կը դաստիարակէր զանոնք, յաճախ կը ճամբորդէր անոնց հետ։ Անոնցմէ լաւագոյնները արդէն դարձած էին իր գործակիցները Ասորիքի քաղաքներուն մէջ, երբ գիրերու գիւտէն ետք կատարուեցան Աստուածաշունչի թարգմանութեան առաջին փորձերը։
Ուրեմն, Սահակ եւ Մեսրոպ մինակ չէին այս համազգային ծաւալուն աշխատանքներուն մէջ, այլ վերոյիշեալ վերծանողներու եւ թարգմանիչներու հոգեւոր բանակը գործի էր լծուած ամենուրեք։ Մէկ կողմէ իրենք կը սորվէին, միւս կողմէ՝ կը սորվեցնէին։ Աստուածաշունչի թարգմանութեան զուգահեռ կը կատարուէր դպրոցներու, վանական նոր կեդրոններու հիմնադրութեան նուիրական աշխատանքը։ Նորագիւտ տառերով հայերէն գրաւոր լեզուն սորվեցնելու, անոր գործածութիւնը տարածելու եւ հիմնաւորելու աշխատանքը տենդագին թափով յառաջ կը տարուէր եկեղեցւոյ հովանիին տակ, վայելելով Վռամշապուհ արքայի, նախարարական տուներու եւ տեղական իշխաններու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը։
Հետաքրքրական է, որ Սահակ եւ Մեսրոպ միայն հոգեւորականներու կամ ազնուական դասակարգի ընտանիքներու զաւակներու դաստիարակութեամբ չէ որ կը զբաղուէին, այլ նաեւ՝ խոնարհ ու համեստ դասակարգի ընտանիքներու ուշիմ զաւակներու ուսումով։ Վերջապէս բացուած էին Հայաստանի հողին վրայ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Հաւատքի Լուսոյ Խորաններու» կողքին Սուրբ Մեսրոպի եւ Սահակ հայրապետի «Միտքի Լուսաւորութեան Նոր Տաճարները»՝ հայաշունչ եւ հայատրոփ ուսումնարանները, եթէ կարելի է ըսել, Ազգային վարժարանները։ Ուստի, ուսումնատենչ հայ պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք օտար երկինքներու տակ՝ տարիներով իրենց կեանքը մաշեցնելէ ետք ոչ մէկ օգուտ կը քաղէին ասորական մշակոյթէն, հիմա մեծ սիրով եւ խանդավառութեամբ, խուռներամ կը դիմէին այս նորաբաց դպրոցները, ուր կը հնչէր հայոց լեզուն Մեսրոպեան նորագիւտ հայերէն տառերով։
Խորենացի գեղեցիկ վկայութիւն մը ունի Մաշտոցի ուսուցման եղանակի մասին. «Ան կը սորվեցնէր ոչ որպէս արուեստ, այլ կարծես աշակերտներուն ոգի կը ներշնչէր իբրեւ առաքեալ» (հատուած Գ. Գլ. Կ.)։ Ի՜նչ սքանչելի բնութագրում։ Այն, ինչ պէտք էր ըսել բազմաթիւ նախադասութիւններով, համակ նուիրում ու ոգի դարձած, առինքնող ու ներշնչող ուսուցիչի մը, առաքելատիպ անձնաւորութեան մը, հայրենասէր մեծ հայու մը մասին, Խորենացի քանի մը բառերով՝ մէկ նախադասութեամբ, յաւերժօրէն քանդակած է Մաշտոցի տիպարը դարերուն դիմաց։
Կորիւն վարդապետ իր գիրքի ներածականի առաջին տողերուն մէջ կ՛ըսէ. «երբ կը մտածէի «Ազգանազեան ազգի եւ Հայաստան աշխարհի աստուածապարգեւ գիրերու մասին առանձին մատեանի մը մէջ գրուած յիշատակներ ծաղկեցնել» եւ այդ մասին իրողութիւններ յիշելու մտահոգութեան մէջ էի, յանկարծ եկաւ, հասաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Յովսէփի հրամանը գրելու այդ մասին»։ Այնուհետեւ կ՛աւելցնէ, «Նոյնպէս մեր ուսման աշակերտակիցներէն շատեր քաջալերեցին զիս ձեռնարկելու այդ աշխատանքին»։
Այս ծաւալով համեստ, սակայն բովանդակութեամբ մեր մշակոյթի պատմութեան համար շատ կարեւոր մատեանը եղած է առաջին հայերէն լեզուով գրուած՝ ոչ թարգմանական, այլ ինքնուրոյն ստեղծագործական գիրքը, որ շարադրուած է ժամանակի ոգիով, քերթողական ոճով եւ ջերմ հայրենասիրութեամբ։ Այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդը անոր հեղինակին ընծայած է Կորիւն Սքանչելի տիտղոսը, ինչպէս Մ. Խորենացիին՝ Պատմահայր Հայոց պատուանունը։
Կորիւն Սքանչելի, որ ականատես եւ մասնակից եղած է իր նկարագրած անցքերուն, իր ասութեամբ նաեւ արժանահաւատ տեղեկութիւններ քաղած է ժամանակակից բազմաթիւ անձերէ, հետեւեալ պերճախօս վկայութիւնը կու տայ Հայաստան աշխարհի մէջ կատարուած միտքերու լուսաւորութեան, քրիստոնէական հաւատքի հուրի արծարծման հրաշալի իրողութեան մասին։
«Այն ժամանակ անպայման սքանչելի դարձաւ մեր երանելի ու ցանկալի Հայաստան աշխարհը, ուր երկու հաւասարակիցներու (Սահակի եւ Մեսրոպի) ձեռքով յանկարծ, մէկ անգամէն եկան հասան, հայաբարբառ հայրենախօս դարձան օրէնուսոյց Մովսէսը՝ մարգարէական դասի հետ, եւ առաջադէմ Պօղոսը՝ բոլոր առաքելական գունդով, Քրիստոսի աշխարհակեցոյց Աւետարանի հետ միասին»:
Այլ խօսքով, Աստուած՝ Աստուածաշունչի հին ու նոր կտարականներու գիրքերու միջոցով հայերէն խօսեցաւ հայ ժողովուրդին հետ եւ այն ժամանակ քրիստոնէութեան էութիւնը հայկական դպրութեան միջոցով թափանցեց հայ հաւատացեալի հոգիին մէջ։
Այս հանգրուանին անհրաժեշտ կը համարենք կատարել հետեւեալ հաստատումը։ Ամէն կասկածէ վեր է, որ Աստուածաշունչի առաջին՝ արագ թարգմանութիւնը կատարուեցաւ ասորերէնէ։ Պատճառն ալ այն էր, որ պարսիկներ՝ Բիւզանդիոնի մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար, արգիլած էին ամէն տեսակ յունարէն գիրքերու գործածութիւնը Պարսկահայաստանի մէջ։ 431ին՝ Եփեսոսի ժողովէն ետք (431), երբ Բիւզանդիոն գտնուող աշակերտները իրենց հետ Հայաստան բերին մայրաքաղաքի պատրիարք Մաքսիմիանոսի կողմէ Սահակ կաթողիկոսին ուղարկած Եփեսոսի կանոններուն հետ նաեւ յունարէն Աստուածաշունչի լաւագոյն օրինակ մը, Ս. Սահակ՝ Եզնիկ վարդապետ Կողբացիի հետ կրկին անգամ կատարեց հիմնական սրբագրութեան աշխատանք, գոյութիւն ունեցող օրինակը բաղդատելով յունարէն բնագիրին հետ։
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ վերանայութեան եւ սրբագրութեան աշխատանքը շարունակուած է յաջորդող տասնամեակներուն եւ յատկապէս 6րդ եւ 7րդ դարերուն ընթացքին։ Ուստի, մեր այսօրուան ունեցած գրաբար Աստուածաշունչի բնագիրը երկար ճանապարհ կտրած է. անիկա աստիճանաբար յղկուած, աւելի յստականալով դարձած է հաւատարիմ յունարէն բնագիրին։ Նաեւ գրաբար լեզուն դարերու ընթացքին իր քերականութեամբ եւ շարահիւսութեամբ եւ բառամթերքով աւելի կատարելագործուած է, մինչեւ արժանացած է Սուրբ Գրոց մասնագէտներու կողմէ Թագուհի Թարգմանութեանց պատիւին։
Ի մտի ունենալով որ այս գրութեան նպատակը Սահակ կաթողիկոսի անձին ու գործին վերաբերեալ տեղեկութիւնները լուսարձակի տակ առնել է, յարմար տեսանք Կորիւնի կողմէ յիշատակուած հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնը մէջբերել այստեղ.
«Երանելի Սահակը ուսման վարժութեամբ աւելի շատ կը զբաղուէր Մամիկոնեան (տոհմի) մարդերով, որոնց առաջինի անունն էր Վարդան, որ Վարդկան կը կոչուէր»: Յատկանշելի է, որ սա նոյն Վարդան Մամիկոնեանն է, Սահակ կաթողիկոսի աղջկայ կողմէ թոռը, որ յետագային դարձաւ Վարդանանց պատերազմի զօրավար, քաջ նահատակ, ազգային հերոսը։ Անհրաժեշտ է նաեւ նշել, որ Կորիւնի այս վկայութիւնը կատարուած է Վարդանանց պատերազմէն շատ առաջ։
Ուրեմն Սահակ կաթողիկոս՝ որպէս հովուապետ, իր հօտի զաւակներուն հայերէն նոր տառերու ուսուցման եւ քրիստոնէական վարդապետութեան քարոզութեան ամբողջութեամբ նուիրուած ըլլալով հանդերձ, յատուկ հոգ կը տանէր Մամիկոնեան տոհմի ականաւոր անձնաւորութեանց դաստիարակութեան. անոնց մէջ էր բնականաբար իր թոռը՝ Վարդան Մամիկոնեան, որ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի ազատութեան պաշտպանութեան սիրոյն, իմացեալ մահով անմահութիւնը ժառանգելու կտակը փոխանցեց գալիք սերունդներուն։
Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ Յազկերտի բանակներուն դէմ դուրս եկած քաջամարտիկներու՝ Աւարայրամարտի սրբազան պատերազմի եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը Սահակ հայրապետի եւ Մեսրոպ վարդապետի դաստիարակած աշակերտներն էին, սկսեալ կաթողիկոսական տեղապահ Յովսէփէն, մինչեւ Ղեւոնդ Երէց, Մամիկոնեան տոհմէն մինչեւ միւս նախարարական տուներու սուրբ վկաները։
Խօսելով Սահակ կաթողիկոսի մասին, կ՛ուզենք այստեղ յիշել մէկ այլ տեղեկութիւն։
Տասնամեակներ առաջ, երբ կ՛ուսումնասիրէինք Վրաց գրականութեան հինգերորդէն մինչեւ տասներորդ դարերու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական աղբիւրները, այնտեղ գտանք սահմանափակ թուով գրութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ նուիրուած էին Վրաց եկեղեցւոյ սուրբերու կենսագրութեան։ Անոնց շարքին էր Վարդան Մամիկոնեանի աղջկայ՝ Ս. Շուշանիկի վկայաբանութիւնը, որուն հայերէն տարբերակը կարելի է տեսնել «Սոփերք Հայկականք»ի մէջ։ Այնտեղ կը կարդանք, որ Ս. Շուշանիկ բանտին մէջ ունէր սուրբ գիրքեր, որոնց ընթերցումով կը մխիթարուէր եւ կը զօրանար իր հաւատքին մէջ։
Յատկանշելի է, որ այդ գիրքերուն մէջ կար փոքրիկ աւետարան մը, որ կը պատկանէր Ս. Սահակ հայրապետին. «Ունէր աւետարան մի փոքրիկ, որ նախնոյն իւրոյ էր Սրբոյն Սահակայ, ընդ իւր ունէր եւ նովաւ ի ծածուկ զԱստուած աղաչէր» (էջ 27)։
Ս. Սահակի անուան յիշատակութիւնը այստեղ պատահականութեան արդիւնք չէ։ Ուստի կարելի է ենթադրել կամ ժամանակին Ս. Սահակ հայրապետ նուէր տուած էր իր թոռան զաւակին եւ կամ ալ Ս. Շուշանիկ ժառանգած էր այդ աւետարանը իր հօր՝ Վարդան Մամիկոնեանի միջոցով:
Մեսրոպեան Տառերն Ու Հայոց Դպրոցները Հայաստանի Յունական Բաժինին Մէջ
Հայաստանի Պարսկական բաժինին մէջ տեղի ունեցած մշակութային յեղափոխութենէն՝ Մեսրոպեան տառերու գիւտի, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ հայոց դպրոցներու, նոր վանքերու, անոնց կից ուսումնարաններու հաստատումի բարիքներէն տակաւին զրկուած էր Հայաստանի Յունական բաժինի հայութիւնը։ Ուստի, ժամանակն էր ամէն ջանք թափելու, որպէսզի Հայաստանի Յունական բաժինի հայութիւնը եւս օգտուի այդ բոլորէն։
Այս նիւթին առնչուող կան զանազան կրօնական եւ քաղաքական բնոյթի հարցեր, որոնց ակամայ պիտի չանդրադառնանք՝ չշեղելու համար մեր գլխաւոր նպատակէն։ Ուստի պիտի բաւարարուինք ստորեւ ներկայացնելով քանի մը հիմնական կէտեր, որոնք կապ ունին Սահակ կաթողիկոսի հետ։
Վռամշապուհ արքան, ըստ Խորենացիի, թագաւորեց 21 տարի։ Օրմանեան աւելի ճիշդ կը գտնէ անոր թագաւորութեան շրջանը նկատի ունենալ 26 տարի: Յամենայն դէպս, ան ունեցած է բնական մահ, ծերութեան պատճառով, 414ին։ Անոր կը յաջորդէ՝ երկար տարիներ Անյուշ բերդին մէջ արգելափակուած ծերունի Խոսրովը, որ հայ նախարարներու խնդրանքով կրկին կը բարձրանայ Հայաստանի գահին, սակայն յառաջացած տարիքի եւ քայքայուած առողջութեան պատճառով կը թագաւորէ հազիւ ութը ամիս։ Այնուհետեւ Յազկերտ Ա. կը նշանակէ իր զաւակը՝ Շապուհը Հայոց արքայ, նպատակ ունենալով չէզոքացնել Հայաստանի մէջ ստեղծուած կրօնական եւ ազգային եւ յատկապէս մշակութային զարթօնքը եւ անոր փոխարէն՝ պարսկասէր նախարարներու միջոցով, զօրացնել Պարսկաստանի մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ։
Շապուհ իր վարք ու բարքով չկրցաւ սիրաշահիլ հայ նախարարները, որոնք յաճախ իրենց Արշակունի թագաւորներուն նկատմամբ կեդրոնախոյս քաղաքականութիւն կը վարէին, ալ ուր մնաց որ պարսիկ թուլամորթ, կնամարդի օտար թագաւորի մը հանդէպ յարգանք ու հաւատարմութիւն ցուցաբերէին։
Խորենացի բազմաթիւ օրինակներով կը նկարագրէ, ինչպէս հայ նախարարներ կը ծաղրէին զինք, մինչեւ իսկ անոր դէմ ըմբոստացող եւ սուր բարձրացնող նախարարներ ալ գտնուեցան։ Չորս տարի ետք, երբ Շապուհ հօր գահին տիրանալու համար փութով վերադարձաւ Պարսկաստան, Տիզբոնի մէջ դաւադրաբար սպանուեցաւ իր հարազատներուն ձեռքով։ Այնուհետեւ, երեք տարի (420—423) Հայաստան մնաց առանց թագաւորի, անտէր ու խառնաշփոթ վիճակի մէջ։
Յ. Մանանդեան կ՛ենթադրէ, որ Մաշտոցի Բիւզանդիոն այցելութիւնը պէտք է եղած ըլլայ 420—422ին: Օրմանեան կ՛առաջարկէ «Սահակի Յունական բաժին անցնիլը» դնել 417ին։ Այնուհետեւ հիմնուելով Խորենացիի հայթայթած տեղեկութեանց վրայ կը գրէ.
«(Սահակի) կ՛ընկերանային իր ամոլակիցը՝ Մեսրոպ, աշակերներէն բազմութիւն մը եւ իր թոռները Վարդան ու Հմայեակ ու Համազասպեան, վախճանեալ Համազասպ սպարապետի զաւակները։ Հեթանոս թագաւորին ընթացքէն ցաւած եւ քրիստոնեայ տէրութեան վրայ մեծամեծ յոյսեր դրած, Սահակ կ՛անցնէր սահմանագլուխը, բայց մեծ յուսախաբութեան դիմաց գտնուեցաւ, որովհետեւ Անատոլիոս, որ պոնտական եւ հայկական գաւառներու մեծ բդեշխն էր, յայտնի կերպով արգիլեց Սահակի հայերէն գիր ու դպրութիւն ուսուցանել, մինչեւ որ յատկապէս կայսերական կառավարութենէն արտօնութիւն չհասնէր։ Սահակ պարտաւորուեցաւ արտօնութիւն ձեռք ձգելու աշխատիլ։
Գիր մըն ալ գրեց Կոստանդնուպոլսոյ Ատտիկոս պատրիարքին, որպէսզի թագաւորին մօտ բարեխօսէ եւ իր առաջարկութեանց կատարման օգնէ։ Մեսրոպն ու Վարդանը եւ Դերջանու Գնիթ եպիսկոպոսը, իբր պատգամաւորներ որոշեց եւ Անատոլիոսէն ալ խնդրեց, որ պատգամաւորութեան ուղեւորութիւնը դիւրացնէ։ Իսկ մինչեւ որ պատգմաւորութիւնը Բիւզանդիոնէն դառնայ, ինքն ալ քաշուեցաւ Մելիտինէ քաղաքը, մէկտեղ բերած աշակերտներով, որոնց գլխաւորն էր Ղեւոնդ Վանանդեցին, եւ հիւր մնաց Ակակիոսի, որ Երկրորդ Հայոց Մետրոպոլիտն էր (Խոր. 252)»:
Անհրաժեշտ է այստեղ նշել, որ Սահակ կաթողիկոսի եւ Մաշտոցի Յունական բաժինին մէջ ունեցած գործունէութիւնը տարբեր ձեւով ներկայացուած է Խորենացիի եւ Կորիւնի կողմէ. իսկ Ղ. Փարպեցի բնաւ չէ անդրադարձած այս մասին։ Մինչ Խորենացի կը խօսի Սահակ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ մեծ պատուիրակութեան մը Յունական սահմանէն ներս մտնելէ ետք Անատոլիոսի կողմէ դրուած արգելքի մասին, այլ խօսքով, նման գործի մը ձեռնարկելու համար անոնք կարիքն ունէին կայսերական արտօնութեան, Կորիւն վարդապետ նախ չի յիշեր, իսկ Սահակ կաթողիկոսի՝ իր թոռներով, պատուիրակութեան գլուխը եղած ըլլալու պարագան. նոյնպէս չանդրադառնար անոնց առջեւ դրուած որեւէ արգելքի։ Այստեղ Կորիւն այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ Յունական բաժին մուտք գործելն ու անոր յաջորդող աշխատանքներն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները Մաշտոցի անձնական նախաձեռնութիւններն էին։ Ոչ թէ անոր առջեւ որեւէ արգելք չէր դրուած, այլ ընդհակառակը, հազիւ ան մուտք կը գործէ Յունական բաժինէն ներս, կարծէք բոլոր դռները իրարու ետեւէ կը բացուին անոր առջեւ։
Ըստ Կորիւնի՝ ամէնուրեք, սահմանի սկիզբէն իսկ՝ ամբողջ ճանապարհի ընթացքին ան արժանացաւ սիրալիր ընդունելութեան եւ մեծ պատիւներու Յունահայաստանի «եպիսկոպոսներէն եւ իշխաններէն, գաւառացիներէն ու մանաւանդ (այդ) երկրամասի սպարապետէն, որ կը կոչուէր Անատոլիս։ Սա (Մաշտոցի) մտադրած բանը նամակով յայտնեց կայսրին, որուն անունն էր Թէոդոս, Արկադ կայսրի որդին։ (ԹԷոդոսի կողմէ) հրաման դուրս եկաւ, որ վայել մեծարանքով Ակումիտ (տքնող, անքուն հսկող) անունով կոչեն սուրբին (Մաշտոցին)»:
Կորիւնի այս նկարագրական տողերուն հակապատկերը կը գտնենք Խորենացիի էջերուն մէջ։ Ըստ Խորենացիի, Սահակ կաթողիկոսն էր, որ պատուիրակութիւն մը նշանակեց, յանձինս Մեսրոպի, «Դերջանի պատուական եպիսկոպոս»՝ Գնիդի եւ իր թոռան՝ Վարդան Մամիկոնեանի, որպէսզի երթան Բիւզանդիոն, ներկայանան կայսեր եւ ստանան պաշտօնական արտօնութիւնը հայերէն տառերն ու հայկական դպրութիւնը Բիւզանդական Հայաստանի մէջ եւս ուսուցանելու։
Այս առիթով Սահակ յանձնեց պատուիրակութեան Բիւզանդիոնի Թէոդոս կայսեր, Կ. Պոլսոյ պատրիարք՝ Ատտիկոսին եւ Յունահայաստանի սպարապետ Անատոլիոսին ուղղուած յանձնարարական նամակներ։ Հաւանական է որ այս նամակները Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն» գիրքին մէջ յետագային խմբագրուած ըլլան, այսուհանդերձ տրամաբանական է, որ Հայոց կաթողիկոսը՝ որպէս հոգեւոր պետ Հայ եկեղեցւոյ, գրաւոր դիմէր պատկան իշխանութեանց եւ խնդրէր, ընթացք տալ Մաշտոցի նպատակի իրագործման:
Յամենայնդէպս մեզի համար կարեւորը այն է, որ Բիւզանդիոն գացած պատուիրակութիւնը՝ քանի մը ամիս տեւած բանակցութիւններէ ետք, վերջապէս յաջողեցաւ ստանալ կայսեր արտօնութիւնը։ Խորենացին կ՛ըսէ, անոնք ստացան շատ աւելին, քան կը յուսային, եւ ապա կը մէջբերէ կայսեր Սահակ կաթողիկոսի յղած նամակը, որով ընթացք կը տրուէր անոր խնդրանքին։ Նոյնպէս Կ. Պոլսոյ պատրիարք Ատտիկոս, որ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Բիւզանդիոնի արքունիքին մէջ, Սահակ կաթողիկոսին ուղղուած պատասխան նամակով մը կը հաղորդէ իր «սիրելի եղբօր եւ աթոռակցին» կայսեր հրամանը, որով իրաւունք կը տրուէր անոր ուսուցանել նորագիւտ հայերէն տառերն ու հայկական դպրութիւնը կայսեր իշխանութեան տակ գտնուող Բիւզանդական Հայաստանի մէջ:
Այնուհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդան Մամիկոնեան եւ Գնիթ եպիսկոպոս Բիւզանդիոնի մէջ մեծ պատիւներու արժանանալէ ետք, փութացին ներկայանալ սպարապետ Անատոլիոսին, որ անցեալին վերապահութիւն ցուցաբերած էր Սահակի եւ Մեսրոպի ունենալիք առաքելութեան նկատմամբ. այժմ ստանալով կայսերական սրբազան հրամանագիրը (sacre rescripta) ուրախութեամբ ընդառաջեց պատուիրակութեան խնդրանքին։ Բնականօրէն Յունական բաժինի հայ նախարարներն ու իշխանները, եպիսկոպոսներն ու ողջ հոգեւորականութիւնը սիրայօժար կերպով ընդունեցին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի միջոցով հայ ժողովուրդին շնորհուած երկնային պարգեւները։
Կորիւնի վկայութեամբ, Անատոլիս «այնուհետեւ պատգամաւորներ ուղարկեց կայսրի իշխանութեան մէջ եղած հայոց կէս ազգի գաւառները՝ բազմաթիւ մանուկներ ժողվելու եւ անոնց թոշակ նշանակելու համար յարմար վայրերու մէջ, ուր երանելին (Մաշտոցը) իր ուսուցչութիւնը կը կատարէր»: Այլ խօսքով, այստեղ եւս կը հաստատուին առաջին հայկական դպրոցները։ Եկեղեցական արարողութիւնները, որոնք կը կատարուէին միայն յունարէնով, այժմ կը կատարուին հայերէն լեզուով։ Մեծ թիւով կրօնական եւ պատմական գիրքեր յունարէնէ կը թարգմանուին հայերէնի։ Այս կերպով, շնորհիւ Ս. Սահակի եւ Մեսրոպ վարդապետի եւ անոնց ժրաջան աշակերտներու հետեւողական ջանքերուն, այն հրաշքը, որ իրագործուէր էր Հայաստանի Պարսկական բաժինին մէջ, իրականութիւն կը դառնայ Յունական բաժինին մէջ։
Ըստ Խորենացիի, այս շրջանին Սահակ հայրապետ կը գտնուէր Յունական բաժինին մէջ, որպէս հովուապետ հովանաւորելու եւ կազմակերպելու յառաջ տարուող հայերէնի ուսուցման աշխատանքները։ Օրմանեանի կարծիքով ան մնաց Յունական բաժինին մէջ բաւական երկար՝ շուրջ չորս տարի, մինչեւ Պարսկական բաժինի նախարարներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը գալով իր մօտ խնդրեց, որ վերադառնայ Վաղարշապատ, որպէսզի հայ նախարարները իրար մօտ բերելով ստեղծէ միաբանութիւն անոնց միջեւ եւ ապա օգտուելով արքայից արքայ Վռամի Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքէն, երկիրը դուրս բերէ իր անիշխանական վիճակէն։
Բնականաբար, Սահակ կաթողիկոս չէր կրնար անտարբեր մնալ Պարսկահայաստանի ճակատագիրի նկատմամբ, ուստի Յունական բաժինին մէջ սկիզբ առած գործը կը յանձնէ իր տեղակալին՝ Մաշտոցի, իսկ իր երկու թոռները՝ Հմայեակն ու Համազասպեանը կը նշանակէ անոր օգնականները, պետական ու զինուորական գործերու համար. այնուհետեւ կը վերադառնայ Վաղարշապատ, իր հետ տանելով երրորդ թոռը՝ մեզի ծանօթ Վարդան Մամիկոնեանը։
Ինչ կը վերաբերի Մեսրոպ Մաշտոցին, մի առ ժամանակ ան կը շարունակէ ամբողջութեամբ նուիրուիլ Բիւզանդական Հայաստանի մէջ իրեն վստահուած առաքելութեան։ Կրթական գործը ամուր հիմքերու վրայ դնելու նպատակով, իւրաքանչիւր գաւառի եպիսկոպոսին կը վստահի (այս օրերու մեր հասկացողութեամբ) դպրոցական տեսուչի պաշտօնը։ Մաշտոցի գլխաւոր յաջողութիւններէն մէկն ալ եղաւ Շատգոմի հովիտին մէջ հաստատած վարդապետանոցը, զոր, Օրմանեանի կարծիքով, կարելի է համարել Հայաստանի մէջ ապագային հիմնուելիք բազմաթիւ դպրեվանքերու անդրանիկ օրինակը:
Այս վանական հաստատութիւնը շրջան մը անձամբ կառավարելէ եւ աշակերտներու առաջին խումբերու ուսուցումը աւարտելէ ետք, անոր տեսչութիւնը կը յանձնէ իր աշակերտներէն՝ Ղեւոնդ Վանանդեցիին եւ ինք կը մեկնի Գողթն գաւառ, ջնջելու համար տակաւին այնտեղ համեցող հեթանոսական աղանդներու հետքերը։
Իր գործունէութեան սահմանները ընդարձակելով, իր մեղուաջան աշխատանքերը կը տարածէ Պարսկահայաստանի այլ գաւառներու վրայ. տեղական իշխաններու աջակցութեամբ կը յաջողի ամէնուրեք ամրապնդել քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքերը եւ զարկ տալ հայկական դպրութեան ուսուցման։ Երկար բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ Վաղարշապատ՝ Սահակ հայրապետի մօտ, զեկուցելու անոր՝ Աստուծոյ օգնութեամբ իր ունեցած յաջողութիւններուն մասին։ Վաղարշապատի մէջ ան կը գտնէ նաեւ Հայաստանի գահին բարձրացած, երիտասարդ հայոց արքան՝ Արտաշէսը։
Փակելէ առաջ այս համառօտ ակնարկը Բիւզանդական Հայաստանի մէջ իրագործուած միտքերու լուսաւորութեան յաջորդական հանգրուաններուն վրայ, անհրաժեշտ կը նկատենք կատարել հետեւեալ կարեւոր հաստատումները.
Առաջին հերթին Սահակ կաթողիկոս յաջողեր էր իր հայրապետական իշխանութիւնը վերահաստատել ազգի միւս կէսի Հայոց եկեղեցւոյ վրայ։ Այս կերպով ան Հայոց եկեղեցին ազատած կ՛ըլլար վարչականօրէն եւ նուիրապետական կարգով Բիւզանդական եկեղեցւոյ ենթարկուելու վտանգէն։



Երկրորդ՝ եկեղեցական արարողութիւնները հայերէն լեզուով կատարելով Հայոց եկեղեցին կը փրկուէր Բիւզանդական եկեղեցւոյ մէջ ձուլուելու անխուսափելի ճակատագիրէն։
Երրորդ՝ Սահակ կաթողիկոսի, Մեսրոպ վարդապետի եւ անոնց աշակերտներու բոլորանուէր ջանքերով, Հայաստանի երկու բաժիններուն մէջ Մեսրոպեան տառերու եւ հայկական դպրութեան հաստատումը, եկեղեցական արարողութեանց՝ ասորերէնի եւ յունարէնի փոխարէն, հայերէնով կատարուիլը անջնջելիօրէն դրոշմեցին Հայ եկեղեցւոյ զաւակներու հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ նոյն եկեղեցւոյ եւ նոյն ժողովուրդին պատկանած ըլլալու խորունկ գիտակցութիւնը։
Այլ խօսքով, հայերէնախօս Աստուածաշունչը, հայաբարբառ մեր ժամերգութիւնները, կրօնական—հայեցի դաստիարակութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ ստեղծեցին կրօնական ու ազգային ապրումներով սնուած, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներով ամրապնդուած անքակտելի կապ մը, փոխանցեցին հայօրէն գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու՝ սրբազան պայքարի անխորտակելի ոգին։ Զինուած այդ հոգեւոր զէնքերով, հայը կրցաւ՝ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին պահպանել իր ազգային իւրայատուկ դիմագիծը, անկախ այն իրողութենէն, որ պատմական Հայաստանի այս կամ այն բռանգրաւեալ երկրամասին վրայ ո՞ր պետութիւնը կամ կայսրութիւնը կը տիրէր՝ բիւզանդացին թէ պարսիկը, արաբը թէ մեմլուքը, սելճուքը թէ մոնկոլը, օսմանցին թէ ռուսը։

(Վերջը Յաջորդիւ)



Սուրբ Սահակ Պարթև Հայրապետ՝ Լուսավորիչ Միտքերու Reviewed by Zhora aslanyan on April 22, 2017 Rating: 5

No comments:

All Rights Reserved by Ժորա Ասլանյանի բլոգ․ © 2014 - 2015
Powered by Themes24x7

Contact Form

Name

Email *

Message *

Theme images by sebastian-julian. Powered by Blogger.